Փեթակը հետաձգուած է մինչեւ 2022
Փեթակը Արեւմտահայերէնի Իմացութեան Փորձառութեան միտումով տասը օրերու վրայ երկարող հայկական ծրագիր մըն է, որուն ընթացքին 10-14 տարեկան հայ երկսեռ մասնակից փոքրերը մէկ յարկի տակ համախմբուելով, ժամանցի եւ ստեղծագործելու մթնոլորտին մէջ պիտի կարենան ձեռք ձգել նոր բարեկամութիւն, սորվիլ հայերէնախօսութիւն, խաղի, պարի եւ երգի ծրագրերուն ընդմէջէն:
Ծրագիրը պիտի ղեկավարուի գիտակից եւ տաղանդաւոր անձնակազմով, որոնք իրենց փորձառութեամբ հայերէնախօսութիւնը եւ երգը, հայկական պարն ու արուեստագիտութիւնը բաժնեկից պիտի դարձնեն պատանիներուն:
Ծրագիր
Ծրագիր պատրաստուած փորձառու անձակազմի կողմէ
- Ձեռային բազմաթիւ աշխատանքներ
- Արուեստ
- Արտա-դասարանային զբաղմունքներ,- լողալ- եւայլն
- Պար
- Թատրոն
- Երգ եւ երաժշտութիւն
Վայր
St. Mary of Providence Centre
40 վայրկեան հեռու՝ Ֆիլատելֆիա քաղաքէն
Ունի
- Ողիմպիականի չափանիշով երկու լողաւազան -բացօթեայ եւ ծածկուած
- Դասարաններ
- Ժողովասրահ
- Պտոյտի վայրեր
- Խաղավայրեր եւ հսկայ տարածութիւն
Արձանագրութիւն
Փեթակը հետաձգուած է մինչեւ 2021
Արձանագրութեան սակը իր մէջ կը ներառնէ մասնակցողի կեցութիւնը եւ ծրագիրը: Փեթակը միայն 30 մասնակից կրնայ ընդունիլ։ Ուստի կանուխէն արձանագրուելով, ապահովեցէք ձեր տեղերը։Բոլոր դիմումագրերը պիտի քննուին։
Մասնակիցները, իրենք պէտք է ապահովեն դէպի Փեթակ վայր –St. Mary of Providence Center – ժամանումն ու մեկնումը։
Որեւէ հարցումի պարագային հաճեցէ՛ք, հետեւեալ Ի-մէյլով կապուիլ- petag@hamazkayin.org

«Փեթակ»ը իրականութիւն կը դառնայ՝ շնորհիւ Համազգայինի։
Համազգայինը Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը թիւ 501(c)(3) Ոչ-Հասութաբեր միութիւն մըն է, որուն նպատակն է քաջալերել եւ պահպանել աշխարհասփիւռ հայի ինքնութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները։
Համազգայինի մասին այլ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէ՛ք դիմել Hamazkayin.com-ին։